Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

Լիբանանեան համատարած զօրակցութիւն հայ Ժողովուրդին․ «Ազդակ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած վերջին յարձակումներուն, արցախցիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան եւ Արցախը հայաթափելու իմաստով Ազրպէյճանի գործած բոլոր այս արարքներուն մասին Լիբանանի նախկին նախագահներ, երեսփոխաններ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, լրագրողներ եւ այլ անձնաւորութիւններ արձագանգեցին տարբեր միջոցներով` ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներու ընդմէջէն, հաղորդագրութիւններով, ինչպէս նաեւ անձնական յօդուածներով:

Անոնք համատարած զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին` ընդգծելով, որ Արցախի հայաթափումը հայութեան դէմ գործուած այլ ցեղասպանութիւն մըն է:

Զօր. Միշել Աուն. «Արցախի Մէջ Հայութիւնը Ցեղային Զտումի Կ՛Ենթարկուի` Միջազգային Լռութեան Մթնոլորտին Մէջ»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արցախի հայութիւնը անգամ մը եւս կը վճարէ միջազգային շահերուն եւ դաւադրութիւններուն տուրքը: Արցախի մէջ հայութիւնը ցեղային զտումի կ՛ենթարկուի` միջազգային լռութեան մթնոլորտին մէջ: Տարբեր ժողովուրդներու պարտադիր բաժանումը հարուած մը կը նկատուի տարբեր կրօններու ու ցեղերու պատկանող մարդկութեան միացեալ կեանքի գաղափարին եւ հիմը կը դնէ անաւարտ պատերազմներու»:

Կարդացեք նաև

Զօր. Էմիլ Լահուտ. «Եթէ Հոն Ժողովուրդը Հրեայ Ըլլար Եւ Ոչ Հայ, Ի՞նչ Կը Պատահէր»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Հայկական հողերը դարձեալ կ՛ենթարկուին նոր ներխուժումի եւ բռնագրաւումի, որուն զուգահեռ կ՛արձանագրուին շարք մը դատապարտանքներ: Կարծէք մէկ դարու ընթացքին ոչինչ փոխուած է: Տակաւին այս ազնուական եւ տարբեր մարզերու մէջ ստեղծագործ ժողովուրդը կ՛ենթարկուի նոյն կողմին յարձակումներուն` մինչ աշխարհը կը բաժնուի անզօրներու եւ դաւադրողներու միջեւ:

Կը զօրակցինք հայութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին, որոնք իրաւացի դատ մը ժառանգած են իրենց նախահայրերէն: Անոնք զաւակներն են այն ժողովուրդին, որուն դէմ պատմութեան ամէնէն վայրագ արարքները գործուած են: Կը ցաւինք ըսելու, որ այս անգամ հայ ժողովուրդին վրայ յարձակումը կը կատարուի դէպի Եւրոպա կազ ու նաւթ փոխադրելու պատճառաբանութեամբ: Արդեօք կարելի՞ է, որ ինքզինք ազատ կոչող այս աշխարհը շարունակէ ցեղասպանութեանց հովանաւորութիւնը:

Այս առիթով կ՛արժէ հարց տալ հետեւեալին մասին. «Եթէ հոն ժողովուրդը հրեայ ըլլար եւ ոչ հայ, ի՞նչ կը պատահէր»:

Զօր. Միշել Սլէյման. «Աստուծմէ Կը Խնդրենք Միջազգային Ընտանիքը Ներշնչել` Փոքր Երկիրները Փրկելու Ոճրագործներուն Ջարդերէն»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրը այս տարի կը զուգադիպի այնպիսի օրերու, երբ Լիբանան քաղաքական ծանր տագնապէ եւ իր գոյութեան սպառնացող ու ժողովուրդը քայքայող եղբայրական բռնագրաւումէ կը տառապի: Նոյն դաւադրութիւնը կը գործուի մեր բարեկամ հայ ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը դարձեալ կը սպաննուի եւ բռնագաղթի կ՛ենթարկուի` միջազգային ահռելի լռութեան մթնոլորտի մէջ:

Այս օրհնեալ տօնին առիթով Աստուծմէ կը խնդրենք անիրաւուածներուն տէր կանգնիլ եւ միջազգային ընտանիքը ներշնչել` փութալու փոքր երկիրներուն օժանդակութեան եւ զանոնք փրկելու ոճրագործներու ջարդերէն: Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցիներուն իրենց ընտրանքը ճշդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքաբար ընդդիմանալ Լիբանանի դէմ սպառնացող բոլոր վտանգներուն»:

Սլէյման Ֆրենժիէ. «1915-2023. Աղէտը Կը Կրկնուի»

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«1915-2023. աղէտը կը կրկնուի: Տեղահանում, սպանութիւն եւ բռնագաղթ. բաներ, որոնք մարդկայնօրէն մերժելի են: Մեր սրտանց ու ամբողջ կարեկցանքը հայութեան` ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները»:

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Արցախի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Ցեղային Զտում, Եւ Ժողովուրդը Իր Հայրենիքէն Բռնագաղթի Կ՛ենթարկուի»

Հզօր Լիբանան համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յաչս աշխարհի լռութեան Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենայ ցեղասպանութիւն, ցեղային զտում, եւ հայ ժողովուրդը իր հայրենիքէն բռնագաղթի կ՛ենթարկուի` կազմակերպուած բանակի մտրակներուն ներքեւ:

«Արցախահայութիւնը շրջափակելէ եւ զայն սովի մատնելէ ետք վայրագ յարձակում մը շղթայազերծուեցաւ Արցախի մնացեալ տարածքներուն դէմ` վերջ տալով անոր դիմադրութեան: Արցախի մէջ ստեղծուած այսօրուան իրավիճակը կը մղէ ՄԱԿ-ն ու ամբողջ աշխարհը պատասխանատուութիւն ստանձնելու` յառաջիկայ փուլին ժողովուրդները պաշտպանելու առումով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Պէտք Չէ Վստահիլ Օտար Ուժերուն, Ինչպէս` Ամերիկացիներուն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Պէտք չէ վստահիլ օտար ուժերուն, ինչպէս` ամերիկացիներուն: Այս պահուն հիմնական նպատակը հայ ժողովուրդին պահպանումն է, իսկ Ռուսիոյ հետ լուրջ յարաբերութիւնը պէտք է պահել»:

Նետիմ Ժեմայէլ. «Պատմութիւնը Ինքզինք Պէտք Չէ Կրկնէ` Կողմնակալ Միջազգային Քաղաքականութիւններուն Պատճառով»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Արցախի մէջ մեր հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ կատարուածը խստիւ դատապարտելի է, իսկ աւելի վատը կը մնայ այն իրողութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցող յարձակումներուն եւ գործուած անիրաւութիւններուն մասին լուռ է:

Կը զօրակցինք Արցախին եւ արցախահայութեան արդար դատին, եւ այս դժուար օրերուն ընթացքին կ՛աղօթենք անոնց համար, որովհետեւ պատմութիւնը ինքզինք պէտք չէ կրկնէ` կողմնակալ միջազգային քաղաքականութիւններուն պատճառով»:

Նիքոլա Սահնաուի. «Այսօր Արցախն Է, Վաղը Կրնանք Մենք Ըլլալ»

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Այսօր Արցախն է, վաղը կրնանք մենք ըլլալ: Մի՛ մոռնաք Արցախը, որպէսզի մենք ալ օր մը մոռցուած էջերուն մէջ չյայտնուինք»:

Միշել Մըր. «Հաւատացեալ Հայ Ժողովուրդին Շարունակական Գողգոթան Անպայման Պիտի Աւարտի Յարութեամբ»

Երեսփոխան Միշել Մըր ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Ամարասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վանական համալիրը, որ Դ. դարուն հիմնուած է Արցախի մէջ, պիտի մնայ վկան` պատմութեան անարդարութեան եւ աշխարհագրութեան ատելութեան: Անգամ մը եւս մեր հայ եղբայրները կը վճարեն այս աշխարհին մէջ տիրող անարդարութեան գինը: Կարծէք հաւատացեալ եւ պարկեշտ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը ըլլայ շարունակական գողգոթան, որ սակայն անպայման պիտի աւարտի իսկական յարութեամբ, որ պիտի ըլլայ երկնային»:

Ուիամ Ուահապ. «Հայութիւնը Տակաւին Կ՛ապրի Մեծ Պետութիւններուն Միջեւ Կեղտոտ Խաղին Սակը Վճարելու Ճակատագիրը»

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Հայութիւնը, այս բազմաչարչար համայնքը, որուն սիրեցինք` անոր հետ ապրելէ ետք, տակաւին դէմ յանդիման կը գտնուի մեծ պետութիւններու միջեւ կեղտոտ խաղին սակը վճարելու ճակատագիրին: Աստուած պահպանէ այս ժողովուրդը, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու զարգացման մէջ»:

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն. «Միջազգային Հանրութիւնը Անմիջապէս Պէտք Է Քայլեր Առնէ` Կասեցնելու Արցախահայութեան Դէմ Ցեղային Զտումը»
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արցախի հայութիւնը դարձեալ դէմ յանդիման կը գտնուի ցեղային զտման գործողութեան մը, որ կը կատարուի միջազգային ընտանիքի աչքերուն դիմաց, սակայն ան աչքն իսկ չի թարթեր այդ մասին:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Արցախի հայաթափումը եւ հազարաւոր հայերու բռնագաղթը` իրենց պատմական հողերէն, կը նկատէ միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու բոլոր ուխտերու խախտում, ինչպէս նաեւ մտաբերել կու տայ անցեալ դարուն հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Նման ցեղասպանութիւն պէտք չէ կրկնուի, մինչ աշխարհը ականատես կը դառնայ նաւթային շահերուն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ցաւ կը յայտնէ զոհուած քաղաքայիններուն համար եւ ամբողջական մերժում կը յայտնէ այն անիրաւութեան, որուն կ՛ենթարկուի Արցախի բնակչութիւնը: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Արցախի հայութեան ու լիբանանահայութեան եւ անոնց խոր ցաւը կը բաժնէ:

«Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան անմիջապէս քայլեր առնելու` կասեցնելու համար արցախահայութեան դէմ ցեղային զտումը եւ վերջ տալու մարդկային ողբերգութեան ու Արցախի հայութեան իրաւունքներուն դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւններուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւն. «Կը Դատապարտենք Ժողովրդավարութեան Ջատագով Երկիրներուն Կողմնակալութիւնը»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը զօրակցութիւն կը յայտնէ Արցախի հայութեան` իր դիմագրաւած տեղահանութեան եւ բռնագաղթի այս պայմաններուն ընթացքին: Պատահածը մարդկային աղէտ մըն է, որ պատմութեան մէջ գրեթէ մէկուկէս դար առաջ կը տանի մեզի բոլորս ու մեր մէջ կ՛արթնցնէ հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան յիշատակները, իր ցաւալի բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնք դրոշմուած կը մնան հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս Եւրոպական Միութեան լռութեան եւ անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ Արցախի հայութեան ինքնութեան հասած հարուածին առումով, կը դատապարտենք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ջատագով երկիրներուն կողմնակալութիւնը: Անոնք իրենց տնտեսական շահերը պահպանելու համար լուռ կը մնան ոչ միայն մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, այլեւ ամբողջ ժողովուրդի մը մահուան հանդէպ: Այս առումով օրինակները շատ են` Սուրիա, Պաղեստին, Արցախ:

Արցախի մէջ արձանագրուող այսօրուան անիրաւութիւնն ու ողբերգութիւնը մեզի` իբրեւ լիբանանցիներ, կը մղէ դասեր քաղելու եւ յաւելեալ կառչածութեամբ պաշտպանելու երկրին եւ լիբանանեան գոյացութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, հաւատալու պետականութեան, որ միակ երաշխիքն է լիբանանեան բոլոր բաղադրիչներուն ապահովութիւնը, ազատութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում